Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) շարունակուեցաւ աղջկանց Եւրոպայի ախոյեանութիւնը (Եուրօ), ուր տիտղոսակիր Անգլիա քառորդ աւարտականին կ՛ուղղուէր դէպի դուրս, բայց մրցումի վերջին 12 վայրկեաններուն կրցաւ 2 արագ կոլեր նշանակել Շուէտի դէմ` պարտադրելով երկարաձգում:
Արդիւնքը մնալէ ետք անփոփոխ դիմուեցաւ փենալթիներու: Շուէտի բերդապահ Ճենիֆըր Ֆոլք 4 փենալթիներ զսպեց, բայց… Անգլիա կրցաւ յաղթել 3-2 արդիւնքով: Անգլիոյ բերդապահ Հաննա Հեմփթըն զսպեց առաջին փենալթին եւ Շուէտի 7-րդ փենալթին զսպեց գնդակը, որ սիւնին օգնութեամբ դուրս ուղղուեցաւ` Անգլիան զրկելով կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի Իտալիոյ դէմ:
Իտալիա իր կարգին կ՛ուղղուէր դէպի երկարաձգում, երբ Նորվեկիա կրցած էր հաւասարիլ Քրիսթիանա Ժիրելիի կոլին դիմաց:
Իտալիոյ հերոսը դարձաւ նոյնինքն Ժիրելլի, որ 92-րդ վայրկեանին կրցաւ յաղթանակի կոլը նշանակել:
Միւս կիսաւարտականը իրար դէմ պիտի հանէ Սպանիա – Զուիցերիա մրցումին յաղթականը եւ Ֆրանսա – Գերմանիա (այսօր) մրցումին յաղթականը: