«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի առաջին հանգրուանի դարձի մրցումին, Հայաստանի ախոյեան եւ բաժակակիր Նոա 2-2 արդիւնքով կրցաւ հեռանալ Մոնթենեկրոյէն` Պուտուչնոսթի դէմ մրցումէն, եւ հասաւ յաջորդ հանգրուան:
Մարոքցի Իմրան Ուլատ Օմար 6-րդ վայրկեանին կրցաւ առանձին մուտք գործել մեծ քառակուսի եւ ռմբային հարուածով անշարժացուց մրցակից բերդապահը:
18-րդ վայրկեանին Իվան Պուլաթովիչ կոշտ թաքըլէ մը ետք դեղին քարտ ստացաւ, բայց իրաւարարին հասցէին անախորժ լեզու գործածելուն պատճառով վտարուեցաւ դաշտէն: Նոայի խրուաթ միջնապահ Ալեն Կրկիչ գեղեցիկ փոխանցում մը ստանալէ ետք Կուսթաւօ Սանկարէէն նշանակեց Նոայի 2-րդ կոլը:
Բ. կիսախաղին Նոա աւելի պաշտպանողական խաղցաւ` առիթ տալով մրցակիցին, որ յարձակի: 68-րդ վայրկեանին ռմբային հարուածով մը Իկոր Իվանովիչ նշանակեց Պուտուչնոսթի առաջին կոլը:
89-րդ վայրկեանին Նոա առիթ ունէր 3-րդ կոլը նշանակելու, երբ Մաթէուս Այասի փենալթին զսպուեցաւ մրցակից բերդապահ Տոմազեթովիչին կողմէ: Այս առիթէն ետք Փեթար Կրպիչ նշանակեց 2-2-ի կոլը, որմէ ետք մրցումը աւարտեցաւ, մինչ երթին 1-0 արդիւնքով յաղթած Նոա անցաւ յաջորդ հանգրուան, ուր պիտի մրցի հունգարական Ֆերենցվարոշի դէմ:
Ֆերենցվարոշ, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտկար Սեւիկեան, իր վերջին փորձ-մրցումին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Գերմանիոյ Քարլսրուհէն: Սեւիկեան, որ Լոքոմոթիւ Մոսկուայէն վերադարձած էր Ֆերենցվարոշ, 74-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ եւ 81-րդ վայրկեանին նշանակեց յաղթանակի կոլը ամենայն ճկունութեամբ` գնդակը ստանալէ եւ դէպի ձախ խաբելէ ետք բերդապահը:
23 տարեկան Սեւիկեան իր վերադարձէն ետք առաջին կոլը նշանակեց հունգարական ակումբին հետ: