Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեմպէլէի Յոյսերը Տկարացա՞ն Ակումբներու Մոնտիալէն Ետք

Յուլիս 17, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մօտ 2 ամիս ետք, «Պալոն տ՛օր»-ը պիտի յանձնուի թեկնածուի մը, եւ յառաջիկայ ամիս պիտի հրապարակուի թեկնածուներուն ցանկը:

Նոյնիսկ հիմա առարկելու պատճառներ կան, որովհետեւ ամէնէն կարեւոր մրցանակներէն մէկը պիտի վճռուի. առանց նկատի առնելու օրինակ շահած կէտերը` կոլեր նշանակելու, առիթներ ստեղծելու, կացութիւններ փրկելու կամ (բերդապահի պարագային) քանի հարուածներ զսպած ըլլալու եւ այլն:

Այդ ձեւին վստահելով աւելի դիւրին կ՛ըլլայ դատելը, թէ տարեշրջանի ընթացքին ո՛վ ձեռք ձգած կ՛ըլլայ առաւելագոյն կէտերը եւ կրնայ ըլլալ արժանի տիտղոսակիրը:

Այս ձեւի բացակայութեան, մրցանակներ կը բաժնուին ընդհանրապէս «Չեմփիընզ լիկ» շահող խումբերէ մարզիկներու եւ Եուրօ կամ մոնտիալ ձեռք ձգած ֆութպոլիստներու:

Շատերու համար Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիկ Ուսման Տեմպելէն հաւանական թեկնածուն է այս տարուան տիտղոսին:

Պարսելոնայի հետ ձախող քանի մը տարիներէ ետք Տեմպելէ, որ 2018-ին Ֆրանսայի հետ մոնտիալ շահած է, «կեանք վերադարձաւ» Լուիս Էնրիքէի հետ Փարիզ Սեն Ժերմենի մէջ:

35 կոլերով եւ 16 էսիսթներով 2024-2025 տարեշրջանը վստահաբար Տեմպելէի ամէնէն փայլուն ժամանակաշրջանն էր:

Ան ոչ միայն «Չեմփիընզ լիկ»-ը շահեցաւ, այլ նաեւ «Լիկ 1»-ը, Ֆրանսայի բաժակի մրցաշարքը, ինչպէս նաեւ «Թրոֆէ տէ Շամփիոն» բաժակը:

Բայց ակումբներու մոնտիալը չշահելով կրնայ ըլլալ, որ կրնայ անոր յոյսերուն «վնաս հասցնել»:

Փարիզ Սեն Ժերմեն գլխաւոր թեկնածուն էր շահելու մոնտիալը, բայց Տեմպելէ եւ ընկերներ ձախողեցան աւարտականին:

Մինչ «Պալոն տ՛օր»-ը ընդհանրապէս յառաջապահները կը շահին, անցեալ տարի միջնապահ Ռոտրի «կոտրել» այդ սովորութիւնը: Այս ձեւով փորթուգալցի միջնապահ Վիթինիայի յոյսերն ալ բարձրացան: Ան Փարիզ Սեն Ժերմենի բոլոր տիտղոսներուն կողքին կրցաւ Փորթուգալի ազգային խումբին հետ Ազգային լիկայի մրցաշարքը շահիլ Սպանիոյ դէմ:

Այլ մարզիկ մը, որ իրապէս փայլեցաւ ակումբներու մոնտիալին` ախոյեան Չելսիի մարզիկներէն Քոլ Փալմըրն է, որուն 2 կոլերը եւ 3-րդ կոլին էսիսթը արդէն իսկ ապահովեց յաղթանակը Փարիզի դէմ:

Անգլիոյ ազգային խումբին միջնապահը իր լաւագոյն տարեշրջանը չբոլորեց, բայց Չելսիի հետ շահեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ը` զինք թեկնածուներու շարքին դնելով:

Հիմա վիճելի հարց մը կայ, թէ «Քոնֆերենս լիկ»-ը այնքան կարեւոր չէ, որքան «Եուրոփա լիկ»-ն ու «Չեմփիընզ լիկ»-ը, բայց ի՞նչ կ՛ըսէք «Փրեմիեր լիկ»-ի մասին, որ բազմաթիւ մասնագէտներու կողմէ կը նկատուի աշխարհի լաւագոյնը:

Արդեօք Մոհամետ Սալահի 29 կոլերը եւ 18 էսիսթները, ինչպէս նաեւ «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսը կ՛օգնե՞ն Սալահի անունը դնելու գլխաւոր թեկնածուներու ցանկին վրայ, թէ՞ Նիւքեսըլի դէմ «Քարապաօ» բաժակի մրցաշարքի աւարտականի պարտութիւնը անոր յոյսերը ետ պահեցին:

Շատ մարդիկ նախապէս կը խօսէին Պարսելոնայի զոյգին` Ռաֆինիայի եւ Լամին Եամալի թեկնածութեան մասին:

Մազապուրծ դուրս մնալէ ետք «Չեմփիընզ լիկ»-ի անմոռանալի երկու կիսաւարտականի մրցումներէն` Ինթեր Միլանի դէմ, Պարսելոնայի այս զոյգին հերոսութիւնները «Լա լիկա»-ի եւ բաժակի մրցումներուն հաւանաբար բաւարար չըլլան, որ անոնք շահին «Պալոն տ՛օր»-ը:

Պրազիլցի Ռաֆինիա 34 կոլ եւ 25 էսիսթ կատարած էր անցեալ տարեշրջանին, մինչ 18 տարեկան Եամալ 18 կոլ եւ 25 էսիսթ կատարած էր անմոռանալի տարեշրջանին:

Ինչպէս ամէն տարի, կը սկսին հարցումները եւ հարցերը, թէ ո՞վ արժանի է «Պալոն տ՛օր»-ը` շահելու, բայց վստահաբար միայն 1 մարզիկ պիտի շահի զայն… բայց ո՞վ:

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Զտումի Մրցումին` Նոա Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան

Յաջորդը

Փոխանցումներու Աշխարհէն. Ռէալ Մատրիտ Եւ Լիվըրփուլ Կրնան Փոխանակուիլ Մարզիկներ

RelatedPosts

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Ֆրանսա Չկրցաւ Յաղթել Իսլանտային
Մարզական

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Ֆրանսա Չկրցաւ Յաղթել Իսլանտային

Հոկտեմբեր 15, 2025
Վեթերաններու Ըմբշամարտ.  Վահրամ Խաչատրեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտի «Պունտըսլիկա». Հայաստանի Ըմբիշները Կը Փայլին

Հոկտեմբեր 15, 2025
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժորա Սահակեան Գլխաւորեց Հայ Մարզիկներու Յաջողութիւնները
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժորա Սահակեան Գլխաւորեց Հայ Մարզիկներու Յաջողութիւնները

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?