Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի «Ադամանդ»-ը Պարսելոնային Միացաւ

July 16, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուէտացի 19 տարեկան աստղ Ռունի Պարտաղճի միացաւ Պարսելոնային` լքելով Քոփենհակընը:

Պարտաղճի, որ Մայորքայէն եւ Փորթոյէն լուրջ առաջարկներ ունէր, իր երազը իրականացուց 4 տարուան պայմանագրութիւն ստորագրելով քաթալոնական կազմին հետ:

Քուէյթի մէջ ծնած, հալէպցի ծագումով հալէպահայ ծնողքի զաւակ Ռունի ընտանիքին հետ գաղթած է Շուէտ (6 տարեկանին) եւ պատանիներու խումբերու մաս կազմելէ ետք միացած է Մալմոյին 2019-ին, ապա` Դանիոյ Քոփենհակըն խումբին տարի մը ետք:

Ան 84 մրցումներ կատարած է եւ աջ ծայրի յառաջապահ դիրքին վրայ տպաւորած է ամբողջ Եւրոպան: Անոր ապագան շատ փայլուն կը թուի ըլլալ, եւ այդ պատճառով ալ Պարսելոնա գաղտնօրէն կապուած է, եւ ըստ երեւոյթին գտած են «ադամանդ» մը:

«Պարսելոնա եւ Քոփենհակըն համաձայնեցան Ռունի Պարտաղճիի փոխանցումին համար: «Ուինկ»-ի (ծայրի յառաջապահ) մարզիկը պիտի ստորագրէ 4 տարուան պայմանագրութիւն մը, որ կ՛աւարտի 30 յունիս 2029-ին, յայտնեց Պարսելոնայի մամլոյ տեղեկատուութիւնը:

«Պարտաղճի իւրայատուկ առաւելութիւններ ունի. շատ դիւրութեամբ խաղի կրնայ բերել իր մրցակիցները եւ շատ դիւրին կոլեր ալ կը նշանակէ: Աջ ծայրի վրայ ան կրնայ մեծ առաւելութիւն մը ըլլալ Պարսելոնայի համար: Ան Քոփենհակընի հետ 3 անգամ ախոյեանութիւն շահած է եւ 2 անգամ Դանիոյ բաժակի մրցաշարք` կատարելով իր կարելիութիւնը այդ յաղթանակներուն հասնելու համար»:

Անցեալ տարեշրջանին Պարտաղճի միայն 6 մրցում կատարած էր` ծունկի ետեւի խաչաձեւ մկանի կապերուն վիրաւորելէ ետք:

Ճիշդ սակագինին մասին յստակ լուրեր չկան, բայց Ֆապրիցիօ Ռոմանօ յայտնեց, որ 2 շաբաթ առաջ համաձայնութիւն կար 2 միլիոն եւրոյի փոխարէն, ինչպէս նաեւ աւելի քան կրկնապատիկը, եթէ անոր պայմանագրութեան ժամանակաշրջանին այլ ակումբ փոխանցուի:

Նախորդը

Լուքաս Պերալտօ Կ՛ուզէ Փարիզ Սեն Ժերմենը

Յաջորդը

Ակումբներու Մոնտիալի Աւարտին. Որո՞նք Էին Լաւագոյն Մարզիկները

RelatedPosts

Պասքեթպոլ  Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ

October 30, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  Եոքիչ Իր 200-րդ  Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Իր 200-րդ Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց

October 30, 2026
Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն.  Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ  Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի
Մարզական

Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն. Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.