Մանչեսթըր Սիթի եւ գերմանական «Փումա» ընկերութիւնը համագործակցութեան նոր համաձայնագիր կնքած են, ըստ Սիթիի մամլոյ ծառայութեան:
Մանչեսթըր Սիթի տարեկան 100 միլիոն եւրօ պիտի ստանայ կնքուած պայմանագիրով, ուր Սիթի մինչեւ 2034-2035 տարեշրջան պիտի հագուի «Փումա» վաճառանիշով տարազներ:
Նշենք, որ Սիթի «Փումա»-ի հետ համագործակցած է 2019-2020 տարեշրջանէն ի վեր: