Նորվեկիացի Եոնաս Ապրահամսըն շահեցաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքի 11-րդ հանգրուանը` Թուլուզի մէջ, մինչ անցեալ տարուան ախոյեան Թատէյ Փոկաչար աւարտէն 4 քմ առաջ արկած մը ունեցաւ:
Փոկաչար ինկաւ, երբ այլ վարորդի մը հեծիկին ետեւի անիւին դպնալով հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց, բայց իր անմիջական մրցակիցներ Եոնաս Վինկըկաարտ եւ Ռեմքօ Էվենեփուլ մարզական ոգին պահելով սպասեցին սլովենիացի մրցակիցին, որ վերամիանայ մրցումին:
Իրլանտացի Պեն Հիլի պահեց իր դեղին շապիկը:
Հետաքրքրական այս հանգրուանը, որ 156 քմ-ի վրայ կ՛երկարէր Թուլուզի մէջ, անակնկալ ձեւով շահեցաւ Ապրահամսըն, երբ կանուխ յարձակումով մը հեռացաւ սփրինթի վարպետներէն:
Ապրահամսըն մուկ ու կատուի մրցում մը ունեցաւ զուիցերիացի Մաուրօ Շմիտի հետ, մինչ Մաթէօ Վան Տեր Փուլ հալածեց այս զոյգը եւ աւարտեց 3-րդ դիրքի վրայ 7 երկվայրկեան ուշ:
Հիլի պահեց իր դեղին շապիկը, մինչ Փոկաչար մնաց Բ. դիրքին վրայ, իսկ Էվենեփուլ` 3-րդ:
Երեքշաբթի օրուան հանգիստի օրէն ետք, չորեքշաբթի օրուան 11-րդ հանգրուանը կը սպասուէր «սփրինթի» վարպետներունը ըլլալ, մինչ 70 կէտերը (սփրինթի կէտերուն համար), որոնք պիտի օգնէին սփրինթի մրցող մարզիկներու դասաւորման, չօգնեց անոնց:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խումբի վարորդ Փոկաչար քանի մը մեթր գլտորուելէ ետք ասֆալթին վրայ կրնար 30-40 երկվայրկեան կորսնցնել իյնալուն պատճառով, բայց իր անմիջական մրցակիցները իրեն յարգելով սպասեցին:
Ստորեւ ընդհանուր դասաւորումը` 11 հանգրուաններէ ետք.
1.- Պեն Հիլի 41 ժամ 01′ 13″
2.- Թատէյ Փոկաչար 29″ ուշ
3.- Ռեմքօ Էվենեփուլ 1′ 29″ ուշ
4.- Եոնաս Վինկըկաարտ 1′ 46″ ուշ
5.- Մաթէօ Եորկենսոն 2′ 06″ ուշ
6.- Քեւին Վոքըլեն 2′ 26″ ուշ
7.- Օսքար Օնլի 3′ 24″ ուշ
8.- Ֆլորիան Լիփովից 3′ 34″ ուշ
9.- Փրիմող Ռոկլիչ 3′ 41″ ուշ
10.- Թոպիաս Եոհանսըն 5′ 03″ ուշ