Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխանցումներու Աշխարհէն. Ռէալ Մատրիտ Եւ Լիվըրփուլ Կրնան Փոխանակուիլ Մարզիկներ

Յուլիս 17, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս ամրան ֆութպոլի փոխանցումներու շուկան շատ տաք կը թուի ըլլալ, մանաւանդ որ բազմաթիւ ակումբներ սպասուած արդիւնքը չեն կրցած տալ, կան ակումբներ, որոնք մարզիչներ փոխած են, մինչ կան ուրիշ ակումբներ, որոնք տարիներէ ի վեր վստահուած են որոշ մարզիկներու, եւ այժմ այդ մարզիկներուն տարիքը յառաջացած է, իսկ այդ ակումբները նոր սերունդի կ՛ուզեն վստահիլ:

Այս ակումբներէն մէկն է Ռէալ Մատրիտ, որ տարիներէ ի վեր կը վստահէր Սերխիօ Ռամոսի, Քասեմիրոյի, Թոնի Քրոսսի, Լուքա Մոտրիչի եւ Քարիմ Պենզեմայի նման մարզիկներու: Այժմ այս բոլորն ալ լքած են Ռէալը կամ նոյնիսկ ֆութպոլը (Թոնի Քրոսսի նման):

Ռէալ Մատրիտի խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ, որ 2 ամիս ետք 40 տարեկանը կը բոլորէ, միացաւ Իտալիոյ Ա. Սէ. Միլանին 1 տարուան համար: Անոր պայմանագիրը տարի մը եւս երկարաձգելու պայման մըն ալ կայ, եթէ անշուշտ երկու կողմերը գոհ ըլլան:

Մոտրիչ վերջերս Ռէալ Մատրիտը չլքած դժգոհութիւն յայտնած էր կարգ մը մարզիկներու հանդէպ, որոնք անձնական շահերը կը նախընտրէին, քան ակումբը: Անոր քննադատած երկու մարզիկները պրազիլցի Ռոտրիկոն եւ Վենիսիուսն էին, որոնք «շատ անհոգ» ֆութպոլ կը խաղային վերջերս:

Ռէալ Մատրիտ արդէն իսկ յայտնած էր, թէ կ՛ուզէ «ծախել» Ռոտրիկոն, եւ ըստ երեւոյթին յարմար ակումբ մը գտած են: Արդարեւ, «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեան Լիվըրփուլ կ՛ուզէ փոխանակել իր կեդրոնի պաշտպան Իպրահիմա Քոնաթէն Ռոտրիկոյի հետ` առաւել 35 միլիոն եւրօ վճարելով Ռէալ Մատրիտին:

26 տարեկան Քոնաթէ, որուն պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի յառաջիկայ ամրան, արդէն իսկ կը փափաքէր խաղալ Ռէալ Մատրիտի հետ, եւ ան կրնայ առիթէն օգտուիլ եւ միանալ իր սիրած խումբին:

Քանի մը օր առաջ, Պենֆիքայի ձախ կողմի յետսապահ Ալվարօ Քարրերաս միացաւ Ռէալ Մատրիտին: 22 տարեկան Քարրերաս 6 տարուան համար պայմանագրութիւն ստորագրեց Սպանիոյ մայրաքաղաքի կազմին հետ:

Վերջերս Մանչեսթըր Եունայթըտ ձեռք ձգեց Վուլվզի յառաջապահ Մաթէաս Քունիան, որ որոշեց թիւ 10 շապիկը հագուիլ:

26 տարեկան Քունիա, որ պիտի փորձէ լուծել Եունայթըտի կոլ նշանակելու բարդութիւնը, սկսած է Սիոնի հետ, ուր 29 մրցումներու ընթացքին 10 կոլ նշանակած է Զուիցերիոյ մէջ, ուր գրաւած է Լայփցիկի ուշադրութիւնը: 19 տարեկանին միանալով Լայփցիկին` ան կատարած է 35 մրցում մեծ մասամբ իբրեւ պահեստի յառաջապահ եւ նշանակած 2 կոլ: Տարեշրջան մը Հերթա Պերլինի հետ խաղալէ ետք Քունիա մեկնած է Սպանիա, ուր Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ կատարած է 40 մրցում` նշանակելով 6 կոլ:

Վուլվզի հետ 2 տարի խաղալով ան 27 կոլ նշանակած է 65 մրցումներ կատարելով: Ան Պրազիլի ազգային խումբին միացած է 2021-ին եւ մինչեւ օրս 15 մրցում կատարած է նշանակելով 1 կոլ:

Նախորդը

Տեմպէլէի Յոյսերը Տկարացա՞ն Ակումբներու Մոնտիալէն Ետք

Յաջորդը

Թրամփ. «Ես Հիասթափուած Եմ Փութինէն, Սակայն Տակաւին Չեմ Աւարտած Անոր Հետ Գործը»

RelatedPosts

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Ֆրանսա Չկրցաւ Յաղթել Իսլանտային
Մարզական

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Ֆրանսա Չկրցաւ Յաղթել Իսլանտային

Հոկտեմբեր 15, 2025
Վեթերաններու Ըմբշամարտ.  Վահրամ Խաչատրեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտի «Պունտըսլիկա». Հայաստանի Ըմբիշները Կը Փայլին

Հոկտեմբեր 15, 2025
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժորա Սահակեան Գլխաւորեց Հայ Մարզիկներու Յաջողութիւնները
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժորա Սահակեան Գլխաւորեց Հայ Մարզիկներու Յաջողութիւնները

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?