Գերմանիոյ ազգային խումբի բերդապահ Մարք Անտրէ Թեր Շթեկընի իրավիճակը հետզհետէ կը բարդանայ Պարսելոնայի հետ:
Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Հանս-Տիթըր Ֆլիք 33 տարեկան բերդապահը չի դիտարկեր իբրեւ հիմնական ընտրութիւն, եւ ըստ լուրերուն, զայն նկատի առած է իբրեւ երրորդ բերդապահ Ժոան Կարսիայի եւ Վոյցեխ Չեսնիի ետին: Թեր Շթեկըն իր կարգին յայտարարեց, որ պատրաստ է պայքարիլ հիմնական կազմին մէջ իր դիրքին համար:
Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններու, գերմանացի բերդապահը զայրացած է եւ չի ցանկար հեռանալ Պարսելոնայէն: Այսուհանդերձ անոր գործակալը արդէն իսկ սկսած է նոր ակումբ փնտռել, եթէ անշուշտ ֆութպոլիստը որոշէ լքել խումբը:
Քաթալոնական ակումբը կը կարծէ, որ Թեր Շթեկըն հաւանաբար կը հեռանայ` ապահովելու համար իր տեղը Գերմանիոյ ազգային խումբին մէջ` 2026-ի մոնտիալին: Սակայն այդ պատճառով ան ստիպուած կ՛ըլլայ փոխհատուցում վճարել պայմանագիրը վաղաժամ խզելու համար: Կը նշուի, որ Թեր Շթեկընի հաւանական «վաճառքը» կ՛օգնէ Պարսելոնային` նուազեցնելու աշխատավարձերուն բեռը, բան մը, որ ակումբի առաջնահերթութիւններէն մէկն է: