Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի կեդրոնի յետսապահ Լուքաս Պերալտօ կը ցանկայ փոխել իր ակումբը, ըստ լրագրող Լոյք Տանցին:
21 տարեկան ֆութպոլիստը դժգոհ է փարիզեան ակումբին մէջ իր վիճակէն, մանաւանդ որ ան կը փափաքի միշտ հիմնական մարզիկ դառնալ: Ան իր դժգոհութիւնը յայտնած է Փարիզի ղեկավարութեան, որ իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնած է, պայմանով որ անոր համար լուրջ առաջարկ ստանայ, առնուազն 30 միլիոն եւրոյի փոխարէն, ինչպէս նաեւ բանակցութեան յստակ համաձայնութեամբ:
Նշենք, որ Պերալտօ ակումբներու մոնտիալի աւարտականին Փարիզ Սեն Ժերմենի հիմնական կազմին մաս կը կազմէր: Ան միայն 3 մրցումներու մասնակցեցաւ, եւ իր մասնակցութեան հիմնական պատճառներէն էքուատորցի Ուիլիան Փաչոյի եւ Լուքաս Հեռնանտէսի վտարումները` Պայերն Միւնիխի դէմ մրցումին, քառորդ աւարտականին:
Պերալտօ 2024-ին 20 միլիոն եւրոյի փոխարէն միացած էր Փարիզ Սեն Ժերմենին եւ մէկուկէս եղանակի ընթացքին 38 մրցումներ կատարած` Սան Փաուլոն լքելէ ետք: