«Էն. Պի. Էյ.» Ռասըլ Ուեսթպրուքի 20-րդ Թրիփըլ-Տապըլ-ը
Ռասըլ Ուեսթպրուք «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթի, որ հիւրն էր Սաքրամենթօ Քինկզին, 122-118 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն` Ռասըլ Ուեսթպրուք, որ նշանակեց 36 կէտ, իրագործեց տարեշրջանի իր 20-րդ թրիփըլ-տապըլ-ը: Քինկզի մարզիկներէն Տեմարքուս Քուսինս նշանակեց 31 կէտ: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Տալաս Մավըրիքս - Մինեսոթա Վուլվզ 98-87 Թորոնթօ Ռեփթըրզ - Նիւ...





