Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 14 յունուարին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը:
Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, վերջ գտաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 68-48 արդիւնքով (12-23, 14-16, 6-14 եւ 16-15):
Ռիատի, որ ցարդ կատարած է 4 մրցում, արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը, մինչ ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած է 2 յաղթանակ (անիկա մրցում մը նուազ կատարած է), կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի կէտերը նշանակեցին Ժիւըլ Թանսթիւլ (19 կէտ), Ֆարահ Հարաքէ (10), Մեղրի Թորոսեան (8), Այտա Պախոս (6), Ֆէյ Փրենս (3) եւ Ճոյս Սալիպա (2):
5-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Շեպիպէի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սաժես Ժըտէյտէի դաշտին վրայ, շաբաթ, 21 յունուարին, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին: