Այսօր Կ՛աւարտի
Երթի Մրցումները
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան երթի մրցումները կ՛աւարտին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան 9-րդ հանգրուանի վերջին երկու ճակատումները:
Երեկոյեան ժամը 21:40-ին Մէյրուպա կը հիւրընկալէ Մութթահետը, իսկ Հուփս` Լուէյզին, միեւնոյն ժամուն:
Երէկ Սաժես, որ Ղազիրի իր դաշտին վրայ դռնփակ մրցումի մը ընթացքին հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը, 30 կէտի տարբերութեամբ` 109-79 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ (13-21, 33-43, 51-78 եւ 79-109):
Հակառակ իր կազմին կրած պարտութեան, Թերել Սթոկլին նշանակեց 50 կէտ (ներառեալ` 7 թրի փոյնթ, 17 փորձերէ ետք):
Նշենք, որ նախանցեալ օր Պիպլոս որ յաղթեց Թատամոնին (91-80), երթի մրցումները աւարտեց 2-րդ դիրքին վրայ (7 յաղթանակ, 2 պարտութիւն)` ՀՄԸՄ-ի ետին (8 յաղթանակ, 1 պարտութիւն):