Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 14 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) ճակատեցաւ Նըմուր Քուրայի դէմ, 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Սերժ Տօնապետեան:
Կատարուելիք մրցում մը եւս ունեցող ՀՄԸՄ արդէն իսկ ապահոված է յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: