Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ վաղը` կիրակի, 15 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Մապարրան:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ դարձի իր մրցումները սկսաւ յաղթանակով: Կ՛ակնկալուի, որ ՀՄԸՄ իր այս յաղթական ընթացքը շարունակէ եւ վաղը եւս կերտէ այլ յաղթանակ մը` դասաւորման մէջ աւելի վերին դիրքերուն վրայ գտնուելու համար:
Յայտնենք, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, ՀՄԸՄ իր դաշտին վրայ կատարելիք դարձի առաջին մրցումին կախակայուած է: Հետեւաբար վաղուան այս մրցումը պիտի ըլլայ դռնփակ` առանց համակիրներու:
Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ | ||
ԺԱՄ | ԴԱՇՏ | |
Սաժես – Շապապ Արապի | 14:15 | Սաֆա |
Ամալ Մաարաքէ – Շեպիպեթ Մազրաա | 14:15 | Սուր |
ՎԱՂԸ | ||
Ահլի Սայտա – Իսլահ Պըրժ Շիմալի | 14:15 | Սայտա |
Շապապ Ղազիէ – Ռիատա Ուալ Ատապ | 14:15 | Քֆարժոզ |
ՀՄԸՄ – Մապարրա | 14:15 | Պուրճ Համուտ |
ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՍԿԻԶԲԻՆ կը սկսին նաեւ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները:
Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, վաղը` կիրակի, 15 յունուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, կը կատարէ իր առաջին մրցումը` Քֆարշիմայի դաշտին վրայ մրցելով Ռիատի Պարժայի դէմ: