«Սքայ Սփորթզ»-էն կը տեղեկանանք, որ Չինաստանի սուփըր-լիկայի ակումբներէն մէկը Չելսիի յառաջապահ` Տիեկօ Քոսթայի կ՛առաջարկէ տարեկան 35 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Կը նշուի, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահին եւ անգլիական խումբին իտալացի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէի յարաբերութիւնները ներկայիս այդքան ալ լաւ չեն:
Հակառակ ատոր, սակայն, Չելսիի սեփականատէրը Ռոման Ապրամովիչ չ՛ուզեր ծախել Քոսթան: