Երէկ` երկուշաբթի, 16 յունուարին, սկսաւ Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի բազմաթիւ ճակատումներ:

Ռոժէ Ֆետերեր (դասուած` 17-րդ), յաղթական վերադարձ մը ունեցաւ թենիսի դաշտ` վեց ամսուան բացակայութենէ ետք:
Զուիցերիացի 35 տարեկան Ֆետերեր 7-5, 3-6, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք աւստրիացի Եիւրկըն Մելզըրի, ապահովեց Բ. հանգրուանին իր տոմսը: Ան, իր այս յաղթանակը արձանագրեց 2 ժամ, 6 վայրկեանի ընթացքին:
Թիւ 1 դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյ 7-5, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց Իլիա Մարչենքոյի (Ուքրանիա):
Դուրս մնացողներուն կարգին եղան Փոլ-Հանրի Մեթիու (Ֆրանսա), Ալպեր Ռամոս (Սպանիա, 26-րդ), Լուքաս Փուիլ (Ֆրանսա, 16-րդ), Փապլօ Քուեւաս (Ուրուկուէյ, 22-րդ) եւ ուրիշներ:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց Ա. հանգրուանի մրցումներուն, առաջին օրուան մեծագոյն զոհը եղաւ 4-րդ դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփ, որ 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով պարտուեցաւ ամերիկացի Շելպայ Ռոճըրզէն:
Անոր օրինակին հետեւեցաւ 15-րդ դասուած իտալացի Ռոպերթա Վինչի, որ 6-1 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քոքօ Վանտեվեկէէն (Մ. Նահանգներ):
Թիւ 1 դասուած գերմանացի Անճելիք Քերպըր ապահովեց Բ. հանգրուանին իր տոմսը, յաղթելէ ետք ուքրանացի Լեսիա Ցիւրենքոյի` 6-2, 5-7 եւ 6-2 արդիւնքով:
13-րդ դասուած ամերիկացի Վինըս Ուիլիամզ յաղթեց ուքրանացի Քաթերիա Քոզլովայի` 7-6 եւ 7-5 արդիւնքով:
Ա. հանգրուանի մնացեալ ճակատումները կը շարունակուին այսօր: