Հայաստանը ներկայացնող Անասթասիա Գալուստեան երրորդ դիրքը գրաւեց Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող «Մենթըր Քափ-2017»-ի գեղասահքի մրցաշարքին:
17 տարեկան Գալուստեան, Ա. հանգրուանին 59,71 արդիւնք մը արձանագրելով թէեւ գրաւեց առաջին դիրքը, սակայն Բ. հանգրուանին, հանդիսացաւ երրորդ` ընդամէնը 150,94 կէտով:
Առաջին հանդիսացաւ ֆրանսացի Լորեն Լեկավալիէ` 157,94 կէտով:
Տղոց մրցումներուն Սլաւիկ Հայրապետեան Ա. հանգրուանին ապահովելով 59,44 կէտ հանդիսացաւ 9-րդ: