Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Ա. խմբակին մաս կազմող
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Քֆարշիմայի դաշտին վրայ ճակատեցաւ Ռիատի Պարժայի դէմ, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
ՀՄԸՄ-ի հաւասարութեան կոլը ազատ հարուածով մը նշանակեց խումբի մարզիչ-մարզիկ Սամուէլ Պօղոսեան` 77-րդ վայրկեանին:
Այս մրցումին ՀՄԸՄ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.
Արսէն Տէր Մաթէոսեան (բերդապահ), Յարութ Յակոբեան, Միքել Սաատ, Մկօ Օտապաշեան, Մեսրոպ Պօղոսեան, Դաւիթ Պէրպէրեան, Էլի Պելաւժի, Զաքարիա Հայտար, Գօգօ Ահարոնեան, Արամ Աբրահամեան, Վարագ-Կայծ Չաքըրեան եւ Սամուէլ Պօղոսեան:
Նշենք, որ խումբին ատենապետն է Գէորգ Ալթունեան: