«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին իր հրապարակուած բոլոր ժամանակներու 10 լաւագոյն մարզիչներու ցանկին մէջ նկատի չառաւ անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչը` Եոսիփ Կուարտիոլան, հակառակ անոր որ ան Պարսելոնայի եւ Պայէրն Միւնիխի հետ իր տիրացած տիտղոսներուն շնորհիւ կը նկատուի ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն աւելի տիտղոսակիր մարզիչներէն մէկը:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հիմնադրութենէն ի վեր (1954), մինչեւ այժմ, անոր դասած տասը լաւագոյն մարզիչները կը համարուրին Պրայըն Քլաֆ, Եոհան Քրույֆ, Վիչենթէ Տել Պոսքէ, Ալեքս Ֆերկըսըն, Էլենիօ Հերերա, Ուտօ Լաթեք, Վալերի Լոպանովսքի, Ռինուս Միքելս, Ժոզէ Մուրինիօ եւ Արրիկօ Սաքի: