Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Ընտրութիւններ. Մոհամետ Մաքքի Յետս Կոչեց Իր Առաջադրած Թեկնածութիւնը
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յետմիջօրէին հաղորդեց, որ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընտրութիւններուն նախօրեակին, Լիբանանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահ Մոհամետ Մաքքի, յետս կոչեց իր առաջադրած թեկնածութիւնը: Նշենք, որ նախանցեալ օր Լիբանանի զբօսանաւերու ընդհանուր քարտուղար Ռապիհ Սալեմ եղաւ ընտրապայքարէն առաջին քաշուողը:









