
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթի, որ հիւրն էր Սաքրամենթօ Քինկզին, 122-118 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն` Ռասըլ Ուեսթպրուք, որ նշանակեց 36 կէտ, իրագործեց տարեշրջանի իր 20-րդ թրիփըլ-տապըլ-ը: Քինկզի մարզիկներէն Տեմարքուս Քուսինս նշանակեց 31 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Տալաս Մավըրիքս – Մինեսոթա Վուլվզ | 98-87 |
| Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Եորք Նիքս | 116-101 |
| Աթլանթա Հոքս – Միլուոքի Պաքս | 111-98 |
| Հիուսթըն Ռոքեթց – Պրուքլին Նեթց | 137-112 |
| Օքլահոմա Սիթի – Սաքրամենթօ Քինկզ | 122-118 |
| Շիքակօ Պուլզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 108-104 |
| Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 102-97 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Նիւ Եորք Նիքս – Աթլանթա Հոքս
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Միլուոքի Պաքս – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Օրլինզ
Տենվըր Նակեթց – Օրլանտօ Մեճիք
Պոսթըն Սելթիքս – Շարլոթ Հորնեթց
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Եութա Ճեզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Օքլահոմա Սիթի


