Հայրենի լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի ֆութպոլի հաւաքականի յառաջապահ Վաքիֆ Ջաւատով յայտարարեց, որ կը հրաժարի Մախաչքալայի Անժի տեղափոխուելու գաղափարէն` նկատի ունենալով, որ վերջերս ղազախական խումբը գլխաւորեց ռուսահայ ֆութպոլի մասնագէտ Ալեքսանտր Գրիգորեան:
«Բաւական լուրջ առաջարկ մը ունէի Անժիէն: Սակայն նկատի ունենալով, որ անոր մարզիչը Գրիգորեանն է, չեմ ուզեր այդտեղ տեղափոխուիլ», անոր այս խօսքերը կը մէջբերէ azerisport.com-ը:
Ջաւատով 2011-ին հանդէս եկած է Նիժնի Նովկորոտի Վոլքայի հետ, որմէ ետք հանդէս եկած է ազրպէյճանական եւ թրքական խումբերուն հետ: