Հայրենի կրանտմասթըր եւ Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան հաւասարութեամբ սկսաւ հոլանտական Վիյք Աան Զիի մէջ սկսած «Թաթա Սթիլ Չես»-ի ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքը:
Արոնեան Ա. հանգրուանին սեւ քարերով 49-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց հնդիկ Փենթալա Հարիքրիշնայի հետ:
Իր կարգին, մրցաշարքը հաւասարութեամբ սկսաւ աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն` ամերիկացի Ուեսլի Սոյի հետ:
Նշենք, որ մրցաշարքը բաղկացած է 13 հանգրուաններէ եւ կ՛աւարտի 29 յունուարին: