Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը պատուեց աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցած պատուիրակութիւնը, որ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգեց Քանատայի մէջ:
Մեթրոփոլիթըն պանդոկին մէջ (Սին էլ Ֆիլ) տեղի ունեցած այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ եւ անոր այլ անդամները, Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպանին ներկայացուցիչը, տարբեր ֆետերասիոններու նախագահներ, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Սոֆի Ապի Ժաուտէ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, հրաւիրեալներ, մասնակցող մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները եւ մարզական լրագրողներ:
Պարգեւատրուողներուն կարգին եղաւ նաեւ Սոֆի Ապի Ժաուտէ:
Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ, գովասանքով արտայայտուեցաւ մարզիկներուն ձեռք ձգած յաջողութիւններուն մասին, մանաւանդ Լեթեսիա Աունի (Մոն լա Սալ), որ տիրացաւ պրոնզ մետալի մը:
Զարիֆէ ըսաւ նաեւ, թէ Հարաւային Քորէայի դեսպանատան հետ ֆետերասիոնը կնքեց փրոթոգոլային համաձայնագիր մը, որով հաստատուեցաւ, որ միշտ նեցուկ պիտի կանգնի ֆետերասիոնին տարած աշխատանքներուն եւ պիտի օժանդակէ անոր: