Մարզական

Հենրիխ Մխիթարեան Ստացաւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի Ամսուան Լաւագոյն Կոլի Մրցանակը

Մաչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի նշանակած կոլը` Սանտըրլենտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, ճանչցուեցաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի դեկտեմբեր ամսուան լաւագոյն կոլը: «Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետը երէկ ստացաւ լաւագոյն կոլի այդ մրցանակը: Այստեղ պէտք է նշել, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի դեկտեմբեր ամսուան 3 լաւագոյն կոլերուն հեղինակը եւս Հենրիխ Մխիթարեանն էր:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ Հինգերորդ Ճակատումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 14 յունուարին Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին Պուրճ Համուտի հրապարակէն, Ռաուտայի եւ Ֆանարի ակումբներէն զանոնք...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթական` 10-0 Արդիւնքով

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մրցեցաւ Իրաւաբաններու սենտիքային դէմ, 10-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (կիսախաղ` 5-0): ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սեւակ Օհաննէսեան, Մհեր Սիւրմանեան (3 կոլ), Կարէն Մխիթարեան, Ներսէս Գուլաճեան, Աւետիս Տոնպուրեան (3 կոլ) եւ Կարապետ Սլիխանեան:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Մանչեսթըր Եունայթըտ- Լիվըրփուլ Ճակատում

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք  եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, բաւական տաք ճակատում մը պիտի կատարուի Անգլիոյ մէջ, երբ Մանչեսթըր Եունայթըտ իր դաշտին վրայ հիւրընկալէ Լիվըրփուլը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս մրցումին իր դէմ պիտի ունենայ Պորուսիա Տորթմունտի իր նախկին մարզիչը` Եիւրկըն Քլոփը, որ այժմ կը գլխաւորէ Լիվըրփուլը: Սպանիոյ մէջ եւս տեղի պիտի ունենայ գագաթի ճակատում մը,...

Ճատրակ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանդիսացաւ Երրորդ` Արագ Ճատրակի Ախոյեանութեան

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Վաղը Տեղի Կ՛ունենան Ճատրակի Մրցումները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին 2016-2017 տարեշրջանի ճատրակի մրցումները տեղի պիտի ունենան վաղը` կիրակի, 15 յունուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Մրցումները պիտի սկսին յետմիջօրէի ճիշդ ժամը 13:00-ին: Սակայն մասնակցող աշակերտները պարտին ներկայ ըլլալ առաւելագոյնը կէսօրուան ժամը 12:00-ին` ստուգման եւ վիճակաձգութեան համար: Տեղի պիտի ունենան 8 տարեկանէն վար (2009-2010-ի ծնունդ), 10 տարեկանէն վար (2007-2008-ի ծնունդ),...

Ֆութսալ.  Պէյրութի Դրամատունը Տիրացաւ Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նըմուր Քուրա

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Պէյրութ-Նըմուր Քուրա մրցումը: Բ. խմբակին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին, պիտի կատարուի Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ռաուտա- Մար Ռուքոզ): Իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը ախոյեանութեան աւարտին վերստին Բ. դասակարգ բարձրանալու առիթ ունի: Կ՛ակնկալուի, որ խումբը նախորդ մրցումներուն նման...

«Էն. Պի. Էյ.»- Նակեթց Եւ Սփըրզ Մեծ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

«էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Տենվըր Նակեթց բաւական մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 140-112 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Ինտիանա Փէյսըրզը: Այլ մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Սան Անթոնիօ Սփըրզ, որ 134-94 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը: Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը (39) նշանակեց Տեւին Պոքըր, հակառակ անոր որ անոր կազմը` Ֆէոնիքս Սանզ...

Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն Հաստատեց Նորայր Վարդանեանի Որակազրկումը

«Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ միջազգային ողիմպիական կոմիտէն երէկ հրապարակեց Պէյճինկ-2008-ի եւ Լոնտոն-2012-ի Ողիմպիական խաղերուն խթանիչ դեղերու գործածութեան համար որակազրկուած մարզիկներուն անունները: Անոնց կարգին է նաեւ 2008-ի Միացեալ Նահանգներու ախոյեան, ծանրաբարձ Նորայր Վարդանեան, որ Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն կը ներկայացնէր Հայաստանը: Ան 94 քկ դասակարգին մէջ գրաւեց 11-րդ դիրքը: Յայտնենք, որ Նորայր Վարդանեան Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան, ողիմպիականի ախոյեան Եուրի Վարդանեանի...

Հայաստան-Ուզպեքիստան Ֆութպոլի Բարեկամական Խաղը Թուրքիո՞յ Մէջ…

Հայաստան – Ուզպեքիստան Մրցումը Կրնայ Չկատարուիլ

Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ շատ հաւանաբար 12 փետրուարին Անթալիոյ մէջ նախապէս յայտարարուած Հայաստան-Ուզպեքիստան ֆութպոլի բարեկամական մրցումը չկատարուի: Սակայն այս առնչութեամբ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը մօտիկ ապագային պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակէ:

Մահացաւ Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Նախկին Մարզիչը

«Սքայ Սփորթս» կը հաղորդէ, որ 72 տարեկան Կրեհեմ Թէյլոր, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչն էր, մահացաւ երէկ: Ան 1990-էն 1993 եղած է Անգլիոյ մարզիչը` իր կազմին հետ արձանագրելով 18 յաղթանակ, 13 հաւասարութիւն եւ կրելով 7 պարտութիւն: Ան եղած է նաեւ Ուաթֆորտի, Ասթոն Վիլայի, Լինքոլն Սիթիի եւ Վուլվզի մարզիչ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լուէյզի 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի 9-րդ Եւ Երթի Վերջին Հանգրուանը` ՀՄԸՄ-Շանվիլ Բացման Մրցումով

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանը կը սկսի այսօր` ՀՄԸՄ-Շանվիլ բացման մրցումով: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` արձանագրելով 7 յաղթանակ եւ կրելով պարտութիւն մը: Իսկ Շանվիլ ցարդ արձանագրած է 3 յաղթանակ եւ կրած 5...

Պասքեթպոլ. Լիբանան Իր Փորձերուն Պիտի Սկսի 22 Յունուարին

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը,  նոր նշանակուած մարզիչ` Ճօ Մուժահեսի գլխաւորութեամբ, իր փորձերուն պիտի սկսի 22 յունուարին` պատրաստուելու համար Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 28 յունուարէն 2 փետրուարին, Ամմանի (Յորդանան) մէջ: Նշենք, որ այս մրցաշարքին տիտղոսակիրը կ՛ապահովէ Ասիա - 2017-ի բաժակի մրցաշարքի իր տոմսը, որուն հիւրընկալող երկիրը կը ձգտի ըլլալ Լիբանան: Լիբանանի եւ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբին մարզիչը...

Արթուր Աբրահամ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Հռոմի Պապին Հետ

«Պիլտ» կը հաղորդէ, որ արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամի, Վատիկանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ֆանչիսկոս պապին կողմէ: 36 տարեկան կռփամարտիկը սրբազան քահանայապետին նուիրեց այն ձեռնոցները, որոնցմով կը մասնակցի ախոյեանութեան մրցումներու: «Ես Հռոմի  պապին պատմեցի իմ արհեստավարժ ասպարէզիս մասին եւ անոր յայտնեցի, որ ես հաւատացեալ եմ: Հրաժեշտ տալով` պապը ինծի յաջողութիւն մաղթեց», ըսաւ Աբրահամ:    

Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնին Մամլոյ Ասուլիսը` 14 Յունուարին

Վաղը` շաբաթ, 14 յունուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը «Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ) պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի պատուէ լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ Քանատայի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ աշխարհի թեքուանտոյի ախոյեանութեան: Ատկէ բացի, տեղի պիտի ունենայ փրոթոքոլային համաձայնագիրի կնքում մը` Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպանատան եւ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին միջեւ:  

Ֆութսալ.  Պէյրութի Դրամատունը Տիրացաւ Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Իրաւաբաններու Սենտիքա

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 13 յունուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի իրաւաբաններու սենտիքային դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ռաուտա, Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին:

Ֆելլայնի Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

Անգլիական մարզական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ պելճիքացի միջնապահ Մարուան Ֆելլայնի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին` Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ: Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի 29 տարեկան մարզիկին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2018-ի ամառ: Ան 2013-ին Էվըրթընէն միացաւ Եունայթըտի` փոխան 32 միլիոն եւրոյի:

ՖԻՖԱ. Հայաստան Մնաց 86-րդ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ՖԻՖԱ-ի կողմէ հրապարակուած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորման մէջ մնաց 86-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 412 կէտ: Նախորդ դասաւորման հրապարակումէն ետք, հայրենի կազմը որեւէ մրցում չկատարեց: Հայաստան իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 26 մարտին, երբ Երեւանի մէջ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի հիւրընկալէ Ղազախստանը:  

Լիբանան Պիտի Հիւրընկալէ «Մեճիք Ֆութսալ»-ի Միջազգային Մրցում Մը

Լիբանան Պիտի Հիւրընկալէ «Մեճիք Ֆութսալ»-ի Միջազգային Մրցում Մը

Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի եւ «Պի Փրոտաքշըն»-ի, հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Պէյրութի դրամատան 4 մարտին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ իր տեսակին մէջ եզակի «Մեճիք ֆութսալ»-ի միջազգային մրցում մը` մասնակցութեամբ ֆութսալի միջազգային շարք մը աստղերու` Իտալիայէն, Կալեսէն, Հոլանտայէն եւ Փորթուգալէն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի դրամատան խումբին: Անոր պիտի մասնակցին ֆութսալի աստղեր, ինչպէս` պրազիլցի Ֆալքաօ, կալեսցի Ռայըն Կիկզ, իրանցի Վահիտ Շամսայէ, ինչպէս նաեւ`...

«Էն.Պի. Էյ.»- Ուեսթպրուքի Տարեշրջանի 18-րդ Թրիփըլ-Տապըլը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած վեց մրցումներուն բոլորին ալ յաղթեցին հիւրընկալ կազմերը: Օքլահոմա Սիթի արձանագրեց տարեշրջանի իր 24-րդ յաղթանակը, երբ 103-95 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեմֆիս Կրիզլիզը: Ռասըլ Ուեսթպրուք Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք տարեշրջանի իր 18-րդ թրիփըլ-տապըլը իրագործեց` նշանակելով 24 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ: Պոսթըն Սելթիքսի մաս կազմող Իսայահ Թոմսա նշանակեց 38 կէտ,...

Անգլիական Ֆութպոլ. Մայքըլ Օլիվըր` Մանչեսթըր Եունայթըտ-Լիվըրփուլ Մրցումին Իրաւարարը

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 21-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը այս շաբաթավերջին իրարու դէմ պիտի հանէ երկրին անուանի երկու ակումբները` Մանչեսթըր Եունայթըտն ու Լիվըրփուլը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 15 յունուարին, պիտի սկսի ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): «Լիվըրփուլ-էչօ» կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով այս մրցումին իրաւարար նշանակուեցաւ Մայքըլ Օլիվըր: 31 տարեկան անգլիացին նախորդ տարեշրջանին եւս...

Page 1023 of 1277 1 … 1,022 1,023 1,024 … 1,277

Արխիւներ