Մարզական

Այսօր` Լիբանանի Դրամատուներու Պաշտօնեաներու Սենտիքային Մամլոյ Ասուլիսը

Այսօր` Լիբանանի Դրամատուներու Պաշտօնեաներու Սենտիքային Մամլոյ Ասուլիսը

Այսօր` երկուշաբթի, 13 փետրուարին, Լիբանանի դրամատուներու պաշտօնեաներու սենտիքան պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ պայմանագրութեան կնքում` սենտիքային եւ «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան միջեւ: Վերջինս պիտի ստանձնէ այդ սենտիքային բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն կազմակերպումը: Այսօրուան մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Լիբանանի դրամատուներու պաշտօնեաներու սենտիքային կեդրոնատեղիին մէջ (Էշրեֆիէ):

Ծանրաբարձութիւն. Գէորգ Դաւթեան` Հայաստանի Պատանեկան Հաւաքականի Մարզիչ

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնէն առաջարկ մը ներկայացուեցաւ Հայաստանի պատանեկան հաւաքականի մարզիչներու կազմը յաւելեալ մէկ մարզիչով օժտելու համար: Ներկաներուն հաւանութիւն տալով` Հրաչեայ Ռոստոմեան համաձայն գտնուեցաւ, որ ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր աշխարհի փոխախոյեան եւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Գէորգ Դաւթեան նշանակուի պատանեկան հաւաքականի մարզիչ:  

Անկոլայի Մէջ 17 Համակիր Մահացաւ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն իր ափսոսանքը յայտնեց Անկոլայի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան համար: Դէպքը պատահեցաւ Ուիժէ քաղաքին մէջ, ուր ֆութպոլի դաշտի մը մօտ տեղի ունեցած հրմշտուքին պատճառով մահացան 17 համակիրներ: Համակիրները կը փորձէին դաշտ մտնել փակուած դռներէն: Վիրաւորուեցան նաեւ 76 ուրիշներ: Անկոլայի ապահովական պատասխանատուները այս առնչութեամբ հետաքննութիւն բացին:

Ալեքս Վիտալի Համար Տարեշրջանը Աւարտեցաւ

Պարսելոնայի յետսապահ Ալեքս Վիտալի համար 2016-2017 տարեշրջանը աւարտեցաւ` նկատի ունենալով, որ նախանցեալ օր ան Ալաւեսի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 22-րդ հանգրուանին ծանրօրէն վիրաւորեց իր աջ ոտքը: Թէեւ ան մրցումը գրեթէ ամբողջացուց, բայց անմիջապէս փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: 27 տարեկան ֆութպոլիստը շուտով պիտի ենթարկուի վիրաբուժութեան: Ան այս տարեշրջանին մասնակցեցաւ 6 մրցումի` նշանակելով 2 կոլ:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

- Չելսի, Եուվենթուս, Ռէալ Մատրիտ, Պայէրն Միւնիխ Եւ Մոնաքօ Ամրապնդեցին Պարագլուխի Իրենց Դիրքերը - Պարսելոնա` Մեծագոյն Յաղթականը Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Այն խումբերը, որոնք վաղը եւ չորեքշաբթի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով մրցումներ ունին կատարելիք, իրենց ճակատումները կատարեցին շաբաթ օր: Անգլիոյ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, թէեւ Չելսի 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պըրնլիի դաշտին վրայ, սակայն յաջողեցաւ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Ամալ Մաարաքէ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 12 փետրուարին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի հարաւ, ուր Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրը պիտի ըլլայ Ամալ Մաարաքէի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ-ի համար հարաւէն 3 կէտով Պէյրութ վերադարձը կը նկատուի կարեւոր: Նշենք, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը այս շաբաթ իր գումարած ժողովին, քննելէ ետք ՀՄԸՄ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր 10-րդ Յաղթանակը` 20 Կէտի Տարբերութեամբ (112-92) Պարտութեան Մատնելով Թատամոնը

Թատամոն - ՀՄԸՄ մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Թատամոն իր դաշտին` «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ Թատամոնի պատասխանատուները արտօնութիւն տուին ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, որպէսզի ներկայ գտնուին այս մրցումին, ինչ որ անոնց կողմէ կը նկատուի օրինակելի եւ քաջալերելի քայլ մը: Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կազմը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, կարգ մը ճակատումներ, որոնք պիտի ըլլան հետաքրքրական, պիտի գրաւեն լուսարձակները: Ստորեւ կը ներկայացնենք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 25-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Արսենալ (4) - Հալ Սիթի (18) 14:30 Մանչեսթըր Եունայթըտ (6) - Ուաթֆորտ (10) 17:00 Միտըլզպորօ (15) - Էվըրթըն (7)...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ապահովեց Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարքի Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ ճակատեցաւ Մաշաալ Պաատնայելի դէմ, 7-4 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: ՀՄԸՄ-ի տղաքը կրնային աւելի մեծ արդիւնքով յաղթական դուրս գալ այս ճակատումէն, սակայն նկատի ունենալով, որ խումբը կիրակի, 12 փետրուարին, գիշերուան ժամը 22:00-ին Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ)...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու.  Վաղը` Ժունիէի Առաջին Ախոյեանութիւնը

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Վաղը` Ժունիէի Առաջին Ախոյեանութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 12 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Ժունիէի քաղաքապետարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ժունիէի առաջին ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 9 արհեստավարժ մարզիկներ: Բացման հանդիսութեան խօսք պիտի առնեն Ժունիէի քաղաքապետ Ժուան Հըպէյշ եւ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի նախագահ Ժորժ Նասիր: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ ժամը 22:00-ին:

Ֆութսալ.  Այսօր` Դրամատուներու Աւարտական Մրցումը

Ֆութսալ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Մուաուատ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-սիքս»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 12 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` ճակատելով Մուաուատի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ յաղթանակ մը արձանագրեց Մաշաալ Պըտնայելի դէմ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Սատի դաշտ եւ քաջալերել...

ՖԻՖԱ. Հայաստանի Հաւաքականը Յառաջդիմեց

ՖԻՖԱ-ի կողմէ հրապարակուած այս ամսուան ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի հաւաքականը 4 դիրքի ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ 82-րդ դիրք, թէեւ նախորդ դասաւորման հրապարակումէն ետք որեւէ մրցում չէ կատարած: Հայրենի կազմը այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 412 վարկանշային կէտ: Լաւագոյն եռեակին մէջ փոփոխութիւն չկատարուեցաւ: Առաջին դիրքը կը գրաւէ Արժանթին, 2-րդ դիրքը` Պրազիլ, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ աշխարհի գործող ախոյեան...

Պարսելոնա Պիտի Բողոքէ Սուարեզի Ստացած Կարմիր Քարտին Համար

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը յայտնեց, որ պիտի բողոքէ իր մարզիկին` Լուիս Սուարեզի ստացած կարմիր քարտ ստանալուն դէմ: Արդարեւ, Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումին, ան 90-րդ վայրկեանին իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով դաշտէն վտարուեցաւ: Ուրուկուէյցի յառաջապահը գնդակին տիրանալու համար իր մղած պայքարին ընթացքին ձեռքով դպած էր մրցակից կազմի մարզիկներէն մէկուն...

Մխիթարեան` Քանթոնայի, Պեքհամի Եւ Սքոլզի Կողքին

Անգլիացի լրագրող Մարք Ֆրոկաթ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի պաշտօնական կայքի իր միքրոպլոկին մէջ գրած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մասին: Անդրադառնալէ ետք ակումբին շարք մը ֆութպոլիստներուն, որոնց կարգին` Էրիք Քանթոնայի, Տէյվիտ Պեքհամի եւ Փոլ Սքոլզի, Ֆրոկաթ նշած է, որ անցեալի այդ ֆութպոլիստներուն կարգին կարելի է դասել ներկայիս ակումբին աստղը նկատուող Հենրիխ Մխիթարեանը: Ան կ՛ըսէ, որ Մխիթարեանին խաղը դիտելով...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Մաշաալ Պըտնայել

Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 9 փետրուարին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, կը մրցի Մաշաալ Պըտնայելի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին: Նկատի ունենալով մրցումին կարեւորութիւնը` ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – ՀՄԸՄ

Լուէյզի Արձանագրեց Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը կը մրցի Թատամոնի դէմ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Նուհատ Նաուֆալ (Զուք) մարզահամալիրին մէջ եւ պիտի սկսի ժամը 20:30-ին: Ցարդ միայն մէկ պարտութիւն կրած եւ 9 յաղթանակ արձանագրած ՀՄԸՄ, երթին, 96-80 արդիւնքով յաղթանակ մը...

Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին.  Լիբանանի Սուսերամարտի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց Զիատ Շուէյրին

Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. Լիբանանի Սուսերամարտի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց Զիատ Շուէյրին

PROFOTO Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լ՛ՈՍ» ճաշարանին մէջ (Պէյթ Մերի), Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց ֆետերասիոնին պատուոյ նախագահը` Զիատ Շուէյրին, որ վերջերս ընտրուեցաւ միջերկրականեան սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, Տըքուանէի քաղաքապետ Անթուան Շախթուրա, ֆետերասիոններու նախագահներ եւ անդամներ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի...

Ժիւտօ. Լիբանանեան Բանակին Խումբը Պարգեւատրուեցաւ

Կազմակերպութեամբ Պուտտա ակումբին տեղի ունեցաւ ժիւտոյի 2016 տարեշրջանի ախոյեաններուն եւ մետալակիրներուն պարգեւատրումը` վերոնշեալ ակումբի կեդրոնատեղիին մէջ (Ատմա), որ կը նկատուի Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին ժամանակաւոր նստավայրը: Այս հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցաւ նաեւ Լիբանանեան բանակին խումբը, որ գրաւեց 3-րդ դիրքը` խմբային դասաւորման դէմ: 3-րդ դիրքի տիտղոսը ստացաւ գնդապետ Ֆատի Քըպպէ, որ կը ներկայացնէր գնդապետ-զօրավար Ժորժ Հընտը:  

Նախարար Ֆընէյշ Այսօր Կ՛այցելէ Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Կեդրոնատեղին

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ այսօր, յետմիջօրէին ժամը 14:30-ին, կ՛այցելէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղին (Ժալ Էլ Տիպ)` շնորհաւորելու համար Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը, որ տիրացաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին:

Այս Տարեշրջանի Աւարտին. Ֆիլիփ Լահմ Կ՛աւարտէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Պայէրն Միւնիխի խմբապետ Ֆիլիփ Լահմ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն ընթացքին ըսաւ, որ այս տարեշրջանի աւարտին վերջ պիտի դնէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: «Պիլտ» յայտնեց, որ 33 տարեկան Լահմ նախանցեալ օր Վոլֆսպուրկի դէմ իր կատարած մրցումին (Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարք) 501-րդ անգամ ըլլալով կրեց Պայէրնի շապիկը: Ան իր կազմին հետ տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու, որոնց կարգին` 8 անգամ Գերմանիոյ ախոյեանի տիտղոսին:...

Page 1011 of 1277 1 … 1,010 1,011 1,012 … 1,277

Արխիւներ