Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնէն առաջարկ մը ներկայացուեցաւ Հայաստանի պատանեկան հաւաքականի մարզիչներու կազմը յաւելեալ մէկ մարզիչով օժտելու համար:
Ներկաներուն հաւանութիւն տալով` Հրաչեայ Ռոստոմեան համաձայն գտնուեցաւ, որ ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր աշխարհի փոխախոյեան եւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Գէորգ Դաւթեան նշանակուի պատանեկան հաւաքականի մարզիչ: