
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Թատամոն իր դաշտին` «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ Թատամոնի պատասխանատուները արտօնութիւն տուին ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, որպէսզի ներկայ գտնուին այս մրցումին, ինչ որ անոնց կողմէ կը նկատուի օրինակելի եւ քաջալերելի քայլ մը:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կազմը արձանագրեց տարեշրջանի իր 10-րդ յաղթանակը, երբ 20 կէտի տարբերութեամբ` 112-92 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տիրոջ (31-29, 48-52, 69-81 եւ 92-112):
Ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի կէտերու տարբերութիւնը սկսաւ բարձրանալ երրորդ քորթըրի առաջին հինգ վայրկեանին, երբ ՀՄԸՄ նշանակեց 21 կէտ` 10-ի փոխարէն, իսկ վերջին քորթըրի վերջին հինգ վայրկեանին, ՀՄԸՄ նշանակեց 16 կէտ` 8-ի փոխարէն:
Մրցումին լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-էն Տուայն Ճեքսըն, որ նշանակեց 37 կէտ:
Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը` անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակով.
Նետիմ Սուէյտ (25′ 03″, 3 կէտ, 5 էսիսթ), Աթեր Մաճոք (27′ 48″, 12 կէտ, 7 ռիպաունտ), Էլի Շամուն (14′ 57″, 3 կէտ), Նետիմ Հաուի (12′ 12″, 4 կէտ, 11 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (7′ 27″, 2 կէտ, 2 ռիպաունտ, 1 էսիսթ), Քարամ Մըշրեֆ (2′ 23″), Քեւին Կալոուէյ (31′ 06″, 15 կէտ, 6 ռիպաունտ, 6 էսիսթ), Ֆատի Խաթիպ (36′ 39″, 31 կէտ, 10 ռիպաունտ, 8 էսիսթ), Հայկ Կէօքճեան (9′ 48″, 5 կէտ, 2 ռիպաունտ) եւ Տուայն Ճեքսըն (32′ 35″, 37 կէտ, 6 ռիպաունտ եւ 2 էսիսթ):
Ինչ կը վերաբերի Թատամոնի մարզիկներուն նշանակած կէտերուն, Մորիս Քեմփ նշանակեց 32 կէտ եւ 13 ռիպաունտ, Իրվըն Մորիս` 22 եւ Մալքոլմ Ռոթ` 14:
Նշենք, որ Տուայն Ճեքսըն նշանակեց 6 թրի փոյնթ (12-էն), Ֆատի Խաթիպ` 3 (8-էն) եւ Քեւին Կալոուէյ` 2 (5-էն):
Իսկ Թատամոնէն ամէնէն շատ թրի փոյնթ նշանակեց Իրվըն Մորիս` 4 (9-էն):
Թատամոն, որ արձանագրած էր 5 յաղթանակ, այսպիսով կրեց իր 6-րդ պարտութիւնը:
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապահ Նըժէյմ, Փոլ Սքայեմ եւ Նիքոլա Մաալուֆ:
11-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ Սաժես իր դաշտին վրայ 86-82 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պիպլոսէն, որ Ռիատիէն վերստին խլեց 2-րդ դիրքը:
Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան Պիպլոս ունեցաւ 17 կէտի առաւելութիւն մը` երրորդ քորթըրին սկիզբը (52-35):
Սաժեսէն Թերել Սթոկլին նշանակեց 30 կէտ, մինչ Պիպլոսէն Քլէյ Թաքըր` 25 կէտ:
Այսօր` շաբաթ, 11 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, 12-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Ռիատի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լուէյզին, մինչ վաղը` կիրակի, նոյն ժամուն, Հուփս` Սաժեսը, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ: