«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն իր ափսոսանքը յայտնեց Անկոլայի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան համար:
Դէպքը պատահեցաւ Ուիժէ քաղաքին մէջ, ուր ֆութպոլի դաշտի մը մօտ տեղի ունեցած հրմշտուքին պատճառով մահացան 17 համակիրներ:
Համակիրները կը փորձէին դաշտ մտնել փակուած դռներէն:
Վիրաւորուեցան նաեւ 76 ուրիշներ:
Անկոլայի ապահովական պատասխանատուները այս առնչութեամբ հետաքննութիւն բացին: