
Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լ՛ՈՍ» ճաշարանին մէջ (Պէյթ Մերի), Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց ֆետերասիոնին պատուոյ նախագահը` Զիատ Շուէյրին, որ վերջերս ընտրուեցաւ միջերկրականեան սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, Տըքուանէի քաղաքապետ Անթուան Շախթուրա, ֆետերասիոններու նախագահներ եւ անդամներ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, ակումբներու ներկայացուցիչներ, «ԱԶԴԱԿ»-ի մէկ պատուիրակութիւնը, մարզական լրագրողներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Զէյտան բարի գալուստի իր խօսքէն ետք շնորհաւորեց Շուէյրին այս կարեւոր պաշտօնին անոր ստանձնումին առիթով:
Շուէյրի` խօսք առնելով ըսաւ, որ ինք այդքան ալ դիւրութեամբ չտիրացաւ այս պաշտօնին, որովհետեւ բաւական սուր պայքարէ մը ետք, ան ընտրուեցաւ նախագահ:
Եզրափակելով, ան ըսաւ, որ պիտի աշխատի եւ իր կարելին պիտի ընէ, որպէսզի Լիբանան, իր կարեոր տեղը ունենայ շրջանին մէջ:
Աւարտին, Զէյտան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Շուէյրիին: