Պարսելոնայի յետսապահ Ալեքս Վիտալի համար 2016-2017 տարեշրջանը աւարտեցաւ` նկատի ունենալով, որ նախանցեալ օր ան Ալաւեսի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 22-րդ հանգրուանին ծանրօրէն վիրաւորեց իր աջ ոտքը:
Թէեւ ան մրցումը գրեթէ ամբողջացուց, բայց անմիջապէս փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: 27 տարեկան ֆութպոլիստը շուտով պիտի ենթարկուի վիրաբուժութեան: Ան այս տարեշրջանին մասնակցեցաւ 6 մրցումի` նշանակելով 2 կոլ: