Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 12 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Ժունիէի քաղաքապետարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ժունիէի առաջին ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 9 արհեստավարժ մարզիկներ:
Բացման հանդիսութեան խօսք պիտի առնեն Ժունիէի քաղաքապետ Ժուան Հըպէյշ եւ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի նախագահ Ժորժ Նասիր:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ ժամը 22:00-ին: