Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-սիքս»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 12 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` ճակատելով Մուաուատի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ յաղթանակ մը արձանագրեց Մաշաալ Պըտնայելի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Սատի դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: