«Էն. Պի. Էյ.» Հոռնեթց, Ռոքեթց Եւ Պլէյզըրզ` Յաղթական
Ճէյմզ Հարտեն «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ, որոնց ընթացքին հիւրընկալ կազմերէն երկուքը, յաղթանակներ արձանագրեցին: Շարլոթ Հոռնեթց 111-107 արդիւնքով յաղթեց Պրուքլին Նեթցի, իսկ Հիուսթըն Ռոքեթց` Օրլանտօ Մեճիքի (128-104): Ռոքեթցի մարզիկներէն` Ճէյմզ Հարտեն, բաւականացաւ 25 կէտով: Տալաս Մավըրիքս սակայն, իր դաշտին վրայ, կէտի մը տարբերութեամբ միայն, 114-113 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն: Ստորեւ`...




