ՖԻՖԱ-ի կողմէ հրապարակուած այս ամսուան ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի հաւաքականը 4 դիրքի ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ 82-րդ դիրք, թէեւ նախորդ դասաւորման հրապարակումէն ետք որեւէ մրցում չէ կատարած: Հայրենի կազմը այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 412 վարկանշային կէտ:
Լաւագոյն եռեակին մէջ փոփոխութիւն չկատարուեցաւ:
Առաջին դիրքը կը գրաւէ Արժանթին, 2-րդ դիրքը` Պրազիլ, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ աշխարհի գործող ախոյեան Գերմանիա:
2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին Հայաստանի մրցակիցներուն գրաւած դիրքերն են. Լեհաստան` 14-րդ, Ռումանիա` 40-րդ, Դանիա` 49-րդ, Մոնթենեկրօ` 64-րդ եւ Ղազախստան` 96-րդ:
Նշենք, որ Հայաստան զտումի իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 26 մարտին` Երեւանի մէջ հիւրընկալելով Ղազախստանը: