Պայէրն Միւնիխի խմբապետ Ֆիլիփ Լահմ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն ընթացքին ըսաւ, որ այս տարեշրջանի աւարտին վերջ պիտի դնէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
«Պիլտ» յայտնեց, որ 33 տարեկան Լահմ նախանցեալ օր Վոլֆսպուրկի դէմ իր կատարած մրցումին (Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարք) 501-րդ անգամ ըլլալով կրեց Պայէրնի շապիկը:
Ան իր կազմին հետ տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու, որոնց կարգին` 8 անգամ Գերմանիոյ ախոյեանի տիտղոսին:
Նշենք, որ վերոնշեալ մրցումին Պայէրն յատուկ յուշանուէրով մը պարգեւատրեց իր ֆութպոլիստը: