Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ ճակատեցաւ Մաշաալ Պաատնայելի դէմ, 7-4 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը կրնային աւելի մեծ արդիւնքով յաղթական դուրս գալ այս ճակատումէն, սակայն նկատի ունենալով, որ խումբը կիրակի, 12 փետրուարին, գիշերուան ժամը 22:00-ին Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) բաւական կարեւոր ճակատում մը ունի Ամալ Պիքֆայայի դէմ, անոր հիմնական մարզիկներուն առիթ տրուեցաւ, որ փոխարինուին պահեստի մարզիկներով:
Կիրակի օրուան այս մրցումին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը` նկատի ունենալով, որ մրցակիցը ունի մեծ թիւով համակիրներ:
Պաատնայելի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սերժ Մելիքեան, Վաչէ Ղուկասեան, Ներսէս Քիւլխանճեան (2-ական կոլ) եւ Աւօ Տոնպուրեան: