Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը յայտնեց, որ պիտի բողոքէ իր մարզիկին` Լուիս Սուարեզի ստացած կարմիր քարտ ստանալուն դէմ:
Արդարեւ, Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումին, ան 90-րդ վայրկեանին իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով դաշտէն վտարուեցաւ:
Ուրուկուէյցի յառաջապահը գնդակին տիրանալու համար իր մղած պայքարին ընթացքին ձեռքով դպած էր մրցակից կազմի մարզիկներէն մէկուն դէմքին:
Սուարեզ եւ իր ակումբը վստահեցուցին, որ ատիկա դիտումնաւոր չէր եղած:
Քաթալոնական ակումբը այդ կախակայումին համար սկիզբը պիտի բողոքէ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին: Եթէ պատահի, որ իր այդ բողոքէն չբաւարարուի, պիտի դիմէ Լոզանի Մարզական վճռաբեկ դատարան (ՔԱՍ):
Նշենք, որ երկու մրցումով կախակայուած Սուարեզ իր կազմին հետ հասաւ աւարտականին, ուր Պարսելոնա պիտի մրցի Ալաւեսին դէմ: