Կազմակերպութեամբ Պուտտա ակումբին տեղի ունեցաւ ժիւտոյի 2016 տարեշրջանի ախոյեաններուն եւ մետալակիրներուն պարգեւատրումը` վերոնշեալ ակումբի կեդրոնատեղիին մէջ (Ատմա), որ կը նկատուի Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին ժամանակաւոր նստավայրը:
Այս հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցաւ նաեւ Լիբանանեան բանակին խումբը, որ գրաւեց 3-րդ դիրքը` խմբային դասաւորման դէմ:
3-րդ դիրքի տիտղոսը ստացաւ գնդապետ Ֆատի Քըպպէ, որ կը ներկայացնէր գնդապետ-զօրավար Ժորժ Հընտը: