Անգլիացի լրագրող Մարք Ֆրոկաթ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի պաշտօնական կայքի իր միքրոպլոկին մէջ գրած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մասին:
Անդրադառնալէ ետք ակումբին շարք մը ֆութպոլիստներուն, որոնց կարգին` Էրիք Քանթոնայի, Տէյվիտ Պեքհամի եւ Փոլ Սքոլզի, Ֆրոկաթ նշած է, որ անցեալի այդ ֆութպոլիստներուն կարգին կարելի է դասել ներկայիս ակումբին աստղը նկատուող Հենրիխ Մխիթարեանը:
Ան կ՛ըսէ, որ Մխիթարեանին խաղը դիտելով ակումբին համակիրները մեծ հաճոյք կը ստանան, որովհետեւ ան ունի ստեղծագործ միտք եւ կը նկատուի սքանչելի ֆութպոլիստ մը: