Այսօր` երկուշաբթի, 13 փետրուարին, Լիբանանի դրամատուներու պաշտօնեաներու սենտիքան պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ պայմանագրութեան կնքում` սենտիքային եւ «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան միջեւ:
Վերջինս պիտի ստանձնէ այդ սենտիքային բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն կազմակերպումը:
Այսօրուան մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Լիբանանի դրամատուներու պաշտօնեաներու սենտիքային կեդրոնատեղիին մէջ (Էշրեֆիէ):