Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Ամալ Մաարաքէ – ՀՄԸՄ

February 11, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 12 փետրուարին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի հարաւ, ուր Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրը պիտի ըլլայ Ամալ Մաարաքէի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:

ՀՄԸՄ-ի համար հարաւէն 3 կէտով Պէյրութ վերադարձը կը նկատուի կարեւոր:

Նշենք, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը այս շաբաթ իր գումարած ժողովին, քննելէ ետք ՀՄԸՄ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի մրցումին տեղի ունեցած հարցերը, 500 հազար լիբանանեան ոսկիի տուգանքի ենթարկեց ՀՄԸՄ-ը, իսկ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը սահմանեց Իսլահ Պըրժ Շիմալիի դէմ:

Այս տուգանքէն բացի, Իսլահ պիտի վճարէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին կրած վնասներուն ծախսերը: Այդ վնասները կատարուած էին Իսլահի համակիրներուն կողմէ, ՀՄԸՄ-ի մարզիկ Գէորգ Օհանեան, որ այս մրցումին կարմիր քարտ ստացած էր, կը կախակայուի մէկ մրցումով:

Նասեր Պար Էլիասի պատասխանատուներէն Նասեր Տահեր վեց ամիսով կախակայուեցաւ, մինչ խումբը մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիով տուգանուեցաւ:

Վեց ամիսով կախակայուեցաւ Մապարրայի մարզիկներէն Ուիսամ Նասսար, իսկ մէկ տարիով կախակայուեցաւ Շապապ Արապիի պատասխանատուներէն Ռապիհ Ապու Ֆախըր:

Իժթիմահիի մարզիկներէն Ուաէլ Պայյատ մէկ տարիով կախակայուեցաւ եւ 3 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:

Ախա Ահլի Ալէյ պարտի վճարել 500 ամերիկեան տոլար` իրաւարար Ալի Ռիտայի ինքնաշարժին կրած վնասներուն պատճառով:

Ասկէ բացի, Ախա Ահլի Ալէյ 5 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:

Ինչ կը վերաբերի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած երկու ճակատումներուն, Շապապ Ղազիէ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով Ահլի Սայտայի հետ, ունեցաւ 37 կէտ եւ իր աւելի լաւ կոլէվըրէյճին շնորհիւ ժամանակաւորապէս Իսլահ Պըրժ Շիմալիէն խլեց պարագլուխի դիրքը:

Երէկուան երկրորդ մրցումին Սաժես 4-2 արդիւնքով յաղթեց Մապարրայի:

Ինչ կը վերաբերի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին, Նըժմէ ժամանակաւորապէս բարձրացաւ 2-րդ դիրք, Աքրամ Մուղրապիի նշանակած կոլին շնորհիւ (64-րդ)` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շապապ Սահելին:

Իսկ Իժթիմահի – Սաֆա մրցումը աւարտեցաւ 3-3 հաւասարութեամբ:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր 10-րդ Յաղթանակը` 20 Կէտի Տարբերութեամբ (112-92) Պարտութեան Մատնելով Թատամոնը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.