Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 9 փետրուարին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, կը մրցի Մաշաալ Պըտնայելի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
Նկատի ունենալով մրցումին կարեւորութիւնը` ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:


