Մարզական

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Ֆինլանտա

Երէկ, Լիբանանի դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ֆինլանտա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի դահուկարշաւի ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վիքթոր Ապու Սաատ, իսկ կազմին մարզիչն է Ալեքսանտր Միլնասովիչ (Սերպիա): Իսկ մարզիկներն են Մանսուր Պազհունի, Անթոնի Թոք, Մարի Քէյրուզ եւ Լեթիսիա Արիտա:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Փերիսիչ Վերադարձաւ Թատամոն

Լիբանանի Ա. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Թատամոն Զուքի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի նախկին մարզիչ Միոտրակ Փերիսիչ վերադարձաւ խումբ եւ փոխարինեց ամերիկացի Փոլ Քաֆթըրը: Նախորդ տարեշրջանին սերպ Փերիսիչի հետ Թատամոն արձանագրեց բաւական լաւ արդիւնքներ: Դասաւորումը այժմ կը պարզէ հետեւեալ պատկերը.   ՅԱՂԹ.  ՊԱՐՏ. 1.- ՀՄԸՄ 10 1 2.- Պիպլոս 10 2 3.- Ռիատի 9...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Զարգացման Մրցաշարք. Հայաստանի Հաւաքականը Փենալթիներով Յաղթեց Անտորրային

ArmFootball.am կը հաղորդէ, որ Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի զարգացման մրցաշարքին ծիրին մէջ իր կատարած մրցումին, Հայաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ նախորդ շաբաթավերջին կատարեց իր երրորդ մրցումը, փենալթիներով` 4-2 արդիւնքով յաղթեց Անտորրային: Մրցումին հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Արման Ղազարեան նշանակեց հայրենի կազմին կոլը` մրցումին ընթացքին:

Պասքեթպոլ. «Օլ-Սթար»-ի Մրցումին Յաղթականը` Արեւմտեան Շրջանը (192-182)

Կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերը տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Օլ-Սթար»-ի մրցումը, որուն ընթացքին Արեւմտեան շրջանը յաղթեց Արեւելեանին` 192-182 արդիւնքով (48-53, 49-39, 47-47 եւ 48-43): Յաղթական կազմին մարզիկներէն Անթոնի Տէյվիս, որ նշանակեց 52 կէտ, յաջողեցաւ «Օլ-Սթար»-ի մրցումներուն նոր մրցանիշ մը հաստատել: Բնականաբար, իր նշանակած այդ 52 կէտերուն շնորհիւ ան տիրացաւ լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին («Էմ. Վի. Փի.»): Արեւելեան շրջանէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ նշանակեց...

Ճատրակ. «ՖԻՏԷ»-ի Կրան Փրի-ի Մրցաշարք. Արոնեան Դարձեալ Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «ՖԻՏԷ»-ի «Կրան փրի»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական հաւասարութիւնը, այս անգամ` ռուս Ալեքսանտր Կրիսչուքի դէմ: Արոնեան այժմ կը բաժնէ 5-14-րդ դիրքերը: Առաջին դիրքին վրայ է ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ, որ առաւելագոյն 3 կէտէն ապահոված է 2,5 կէտ: 4-րդ հանգրուանին Արոնեան կը մրցի (ճերմակ քարերով) ռուս Ալեքսանտր...

Կռփամարտ. Դաւիթ Աւանէսեան Կորսնցուց «Տապլիու Պի. Էյ.»-ի Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Ռուսիան ներկայացնող հայազգի կռփամարտիկ Դաւիթ Աւանէսեան զրկուեցաւ կռփամարտի արհեստավարժ կիսամիջին քաշային կարգի Տապլիու Պի. Էյ.»-ի վարկածով աշխարհի կանոնաւոր ախոյեանի տիտղոսէն, կը յայտնէ news.am-Sport կայքը: Միացեալ Նահանգներու Սինսինաթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մենամարտին, 28 տարեկան Աւանէսեան պարտուեցաւ ամերիկացի Լեմընտ Փիթըրսընէն, որ իրաւարարներուն միաձայն որոշումով յաղթական հռչակուեցաւ: Նախորդ մենամարտին անուանի ամերիկացի Շէյն Մոզլիին յաղթած Աւանէսեան կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` իր արհեստավարժ ասպարէզին...

Կռփամարտ. Աբրահամ – Քրասնիք Մրցումը` 22 Ապրիլին

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի «Տապլիու Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամի յաջորդ մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 22 ապրիլին, կը հաղորդէ «Պոքսինկսին»: Գերմանական Էրֆուրթ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք այս մենամարտին, 37 տարեկան կռփամարտիկին մրցակիցը պիտի ըլլայ լեհ 29 տարեկան Ռոպին Քրասնիք: Նշենք, որ 12 նոյեմբեր 2016-ին Մոնաքոյի մէջ (Ֆրանսա) Աբրահամ փոխվրէժի մրցում մը պիտի կատարէր անգլիացի Մարթին Միւրէյի...

Սերճիօ Ռամոս Վերադարձաւ Ռէալ Մատրիտի Ընդհանուր Խումբ

Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող սպանացի միջազգային յետսապահ Սերճիօ Ռամոս կրնայ իր մասնակցութիւնը բերել Վալենսիայի դէմ տեղի ունենալիք «Լա լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունենալիք մրցումին, որ յետաձգուած էր` նկատի ունենալով, որ արքայական ակումբը, այդ ժամանակամիջոցին մասնակցեցաւ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան: Ռամոս վիրաւորուեցաւ Նափոլիի դէմ տեղի ունեցած Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուած երթի մրցումին: Ան խումբին կատարած փորձերուն մասնակցեցաւ իր խմբակիցներուն...

Դաւիթ Արշակեանի Առաջին Կոլը

«ԷՄ. ԷԼ. ԷՍ.»-ի նոր տարեշրջանին նախապատրաստուող ամերիկեան Շիքակօ Ֆայըր, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 5-2 արդիւնքով յաղթեց Մայեմիի: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Դաւիթ Արշակեան յաղթական կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ Ա. կիսախաղի դադարէն ետք: 52-րդ վայրկեանին ան արդիւնքը դարձուց 4-1` այսպիսով նշանակելով իր առաջին կոլը` իր կազմին հետ: 22 տարեկան Արշակեան, որ նախորդ տարեշրջանին Շիքակոյի հետ դաշտ ներկայացաւ 9 մրցումի...

Չելսի Պիտի Երկարաձգէ Քոնթէի Պայմանագրութիւնը

Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը համաձայն գտնուած է ակումբին գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէի հետ պայմանագրութիւնը երկարաձգել: Իտալացի մասնագէտին հետ պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգուի մինչեւ 2020: «Փրեմիեր լիկ»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Չելսի 60 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:

Պասքեթպոլ. Տուպայի 28-րդ Միջազգային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Յաղթանակ Մը Եւ Կրեց Պարտութիւն Մը

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) սկսաւ Տուպայի պասքեթպոլի 28-րդ միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ լիբանանեան երեք խումբեր` ՀՄԸՄ, Սաժես եւ Ռիատի: Իր կատարած առաջին մրցումին ՀՄԸՄ, որ նախանցեալ օր մրցեցաւ Ռիատիի դէմ, թէեւ յաջողեցաւ առաջին երկու քորթըրներուն բաւական լաւ խաղարկութիւն մը ունենալ եւ Ա. կիսախաղը աւարտել ի նպաստ իրեն (40-34), սակայն երրորդ...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղըպէյրի` 1-4

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Սատաքայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցեցաւ Ղըպէյրիի դէմ: Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, այս մրցումին արդիւնքը կացութենէն բան պիտի չփոխէր, որովհետեւ ՀՄԸՄ իր յոյսերը կորսնցուցած էր Ա. դասակարգ բարձրանալու: Այս իսկ պատճառով, ՀՄԸՄ-էն բացակայեցան շարք մը հիմնական մարզիկներ` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Լիբանանի ֆութսալի...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ֆըրզոլ` 4-4

ՀՄԸՄ Պէյրութ - Ֆըրզոլ մրցումէն Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ կատարեց իր երրորդ մրցումը, 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ֆըրզոլի հետ` Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ): ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Զաւէն Լեփեճեան, Երուանդ Մանասերեան, Նարեկ Յարութիւնեան եւ Միքայէլ Նորաշխարհեան: ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեց, 4-րդ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքթեպոլ. Հուփս Եւ Մութթահետ` Յաղթական

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Առաջին մրցումին Հուփս, որ հիւրը եղաւ Մէյրուպայի, 86-72 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (16-23, 29-45, 47-65 եւ 72-86): Բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով` Հուփսէն Ալի Մըզհեր նշանակեց 25 կէտ եւ 11 էսիսթ, մինչ անոր խմբակից Թոմաս Օմար նշանակեց 22 կէտ: Մէյրուպայէն 24 կէտ նշանակեց (ներառեալ`...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Մնաց 9-րդ Դիրքին Վրայ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 20 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ է Շապապ Արապի` 39 կէտով, իսկ երկրորդ դիրքին վրայ` Իսլահ Պըրժ Շիմալի (38 կէտ):   ԿԷՏ 1.- Շապապ Արապի 39 (38-13) 2.- Իսլահ Պըրժ Շիմալի 38 (40-22) 3.-...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Միջին Արեւելքի Եւ Հիւսիսային Ափրիկէի Համագումարը Աւարտեցաւ

PROFOTO Նախորդ շաբաթավերջին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) աւարտեցաւ երկու օրերու վրայ երկարած Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ինքնաշարժներու ակումբներուն 4-րդ համագումարը` ներկայութեամբ Աշխարհի ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Թոտի եւ փոխնախագահ` Նասեր Խալիֆէ Աթիէի: Նշենք, որ Լիբանանէն բացի ներկայ եղան 20 երկիրներու ներկայացուցիչներ: Այս համագումարին նպատակն էր շրջանին մէջ տեղի ունեցող եւ տեղի ունենալիք գործունէութիւններուն զարգացումը, ինչպէս...

ՖԻՏԷ-ի Կրան Փրի. Լեւոն Արոնեան Մրցաշարքը Սկսաւ Երկու Հաւասարութեամբ

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան հաւասարութեամբ սկսաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Շարժա քաղաքին մէջ սկսած ՖԻՏԷ-ի կրան փրիի մրցաշարքը: Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, Արոնեան 22-րդ շարժումին սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ռուս Եւգենի Թոմաշեւսքիի հետ: Մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 18-27 փետրուարին: 23 փետրուարին հանգիստի օր է, կը յայտնէ News.amSport կայքը: Երէկ Արոնեան արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, այս անգամ անգլիացի Մայքըլ Ատամզի...

Անգլիական Ֆութպոլ. 5-րդ Դասակարգի Խումբին Պատմական Յաղթանակը

Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, նախորդ շաբաթավերջին 5-րդ դասակարգին մաս կազմող Լինքոլն արձանագրեց պատմական յաղթանակ մը, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պըրնլին` շնորհիւ Շոն Ռակեթի նշանակած կոլին (89-րդ): Այսպիսով, Լինքոլն դարձաւ 1914-էն ետք 5-րդ դասակարգին մաս կազմող առաջին խումբը, որ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: 1913-1914 տարեշրջանին այդ իրագործումը յաջողեցաւ արձանագրել Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ:  

Կամէյրօ` «Լա Լիկա»-ի Պատմութեան 2-րդ Ամէնէն Արագ Հեթրիքին Հեղինակը

Աթլեթիքօ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քեւին Կամէյրօ «Լա լիկա»-ի 23-րդ հանգրուանին 3 կոլ նշանակելով Սփորթինկ Խիխոնի բերդին մէջ, դարձաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան պատմութեան երկրորդ ամէնէն արագ հեթրիքին հեղինակը, կը յայտնէ Goal.com կայքը: Խիխոնի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, ան դաշտ ներկայանալով 62-րդ վայրկեանին, 3 կոլ նշանակեց 4 վայրկեանի եւ 43 երկվայրկեանի ընթացքին (80-րդ, 81-րդ եւ 85-րդ): Նշենք, որ մրցանիշը կը պատկանի...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Հենրիխ Մխիթարեան շրջապատուած Պլեքպըրնի մարզիկներով - Հենրիխ Մխիթարեանի Կոլի Փոխանցումը Նպաստեց Մանչեսթըր Եունայթըտի Յաղթանակին - Պարսելոնա Դժուարութեամբ Պարտութեան Մատնեց Լեկանեսը Նախորդ շաբաթավերջին Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցան ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները, բացի Անգլիայէն, ուր տեղի ունեցան բաժակի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումները: Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ հիւրն էր Պլեքպըրնի (Բ. դասակարգ), 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի...

Page 1008 of 1277 1 … 1,007 1,008 1,009 … 1,277

Արխիւներ