Երէկ, Լիբանանի դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ֆինլանտա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի դահուկարշաւի ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վիքթոր Ապու Սաատ, իսկ կազմին մարզիչն է Ալեքսանտր Միլնասովիչ (Սերպիա):
Իսկ մարզիկներն են Մանսուր Պազհունի, Անթոնի Թոք, Մարի Քէյրուզ եւ Լեթիսիա Արիտա: