Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող սպանացի միջազգային յետսապահ Սերճիօ Ռամոս կրնայ իր մասնակցութիւնը բերել Վալենսիայի դէմ տեղի ունենալիք «Լա լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունենալիք մրցումին, որ յետաձգուած էր` նկատի ունենալով, որ արքայական ակումբը, այդ ժամանակամիջոցին մասնակցեցաւ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան:
Ռամոս վիրաւորուեցաւ Նափոլիի դէմ տեղի ունեցած Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուած երթի մրցումին:
Ան խումբին կատարած փորձերուն մասնակցեցաւ իր խմբակիցներուն հետ, մինչ Ռոնալտօ եւ Տանիլօ մարզուեցան անհատական ծրագիրով:
Վալենսիա – Ռէալ Մատրիտ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 22 փետրուարին: