Աթլեթիքօ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քեւին Կամէյրօ «Լա լիկա»-ի 23-րդ հանգրուանին 3 կոլ նշանակելով Սփորթինկ Խիխոնի բերդին մէջ, դարձաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան պատմութեան երկրորդ ամէնէն արագ հեթրիքին հեղինակը, կը յայտնէ Goal.com կայքը:
Խիխոնի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, ան դաշտ ներկայանալով 62-րդ վայրկեանին, 3 կոլ նշանակեց 4 վայրկեանի եւ 43 երկվայրկեանի ընթացքին (80-րդ, 81-րդ եւ 85-րդ):
Նշենք, որ մրցանիշը կը պատկանի պրազիլցի յառաջապահ Պեպեթթոյին, որ 1996-ին 4 վայրկեանի ընթացքին նշանակեց 3 կոլ` Ալպասեթէի բերդին մէջ: