
Նախորդ շաբաթավերջին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) աւարտեցաւ երկու օրերու վրայ երկարած Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ինքնաշարժներու ակումբներուն 4-րդ համագումարը` ներկայութեամբ Աշխարհի ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Թոտի եւ փոխնախագահ` Նասեր Խալիֆէ Աթիէի:
Նշենք, որ Լիբանանէն բացի ներկայ եղան 20 երկիրներու ներկայացուցիչներ:
Այս համագումարին նպատակն էր շրջանին մէջ տեղի ունեցող եւ տեղի ունենալիք գործունէութիւններուն զարգացումը, ինչպէս նաեւ բոլոր տեսակի մրցումներուն ընթացքին ապահովական բոլոր տեսակի միջոցառումները ապահովելը:
 
			

