Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը համաձայն գտնուած է ակումբին գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէի հետ պայմանագրութիւնը երկարաձգել:
Իտալացի մասնագէտին հետ պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգուի մինչեւ 2020:
«Փրեմիեր լիկ»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Չելսի 60 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը: