
Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ կատարեց իր երրորդ մրցումը, 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ֆըրզոլի հետ` Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Զաւէն Լեփեճեան, Երուանդ Մանասերեան, Նարեկ Յարութիւնեան եւ Միքայէլ Նորաշխարհեան:
ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեց, 4-րդ հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռապիհ ընկերութեան խումբը:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 26 փետրուարին երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Սատաքայի դաշտին վրայ: